2012-07-03 12:19:18

<<Օգթավա Տիէս>>` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
-Պետրոս Անդրէասն ու Պաւղոսը-


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս շաբթուայ իր խմբագրականը կը նուիրէ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին որ, ըստ լատինաց, տօնուեցաւ անցեալ 29 յունիսին եւ որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր պատարգ մատոյց Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ Սուրբ Պետրոսի գերեզմանը ու նահատակութեան վայրը։

Հայր Լոմպարտին դիտել կու տայ թէ այս տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Անկլիքան եկեղեցւոյ Ուեսթմինսդեր Աբբայարանի ներկայացուցիչներն ու երգչախումբի անդամները ու նաեւ, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Անդրէասի հիմնած եկեղեցւոյ` Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Օրթոտոքս Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը։ Երկու պատուիրակութիւններն ալ կը յատկանշեն եկեղեցիներու միութիւնն ու հաղորդութիւնը։
Իսկ միւս կողմէն - դիետլ կու տայ հայր Լոմպարտին - աշխարհի զանազան վայրերէն` կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր անուանուած առաքելապետերը, ներկայ գտնուեցան սուրբ արարողութեան, Սրբազան Քահանայապետի ձեռքէն ստանալու համար Պալիումը (Եմիփերոնը) որ կը խորհրդանշէ Առաքեալներու Պետին եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ հաղորդութիւնը։
Պետրոս Անդրէասն ու Պօղոս - կը գրէ Ռատիովատիկանի տնօրէնը եզրափակելով խմբագրականը - Երուսաղէմէն Հռոմ` Հռոմէն համայն աշխարհ։ Միութիւնը եւ հաղորդութեան լիութեան իղձը։ Աւետարանի ծառայութիւն մինչեւ նահատակութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.